2014-11-17 13:40:42

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզը` ''Չփակենք Տիրոջ դռները ուրիշներուն դիմաց'':


(Ռ.Վ. 17 նոյեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 17 Նոյեմբերի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ս. Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով օրուան Ս. Աւետարանի ''Երիքովի Կոյրի'' պատմութեան մասին (Ղուկաս 18, 35-43)՝ ըսաւ.
Արուարձանի վրայ գտնուողները չեն կրնար հասնիլ Տիրոջ, որովհետեւ Յիսուս շրջապատողներու խումբը՝ անշուշտ բարի կամքով, դուռը կը փակէ ուրիշներուն առջեւ։ Մեզի՝ հաւատացեալներուս ալ կը պատահի այս. երբ Տիրոջ հետ ենք, առանց անդրադառնալու կը ստեղծենք եկեղեցական սեղմ շրջանակ մը։ Ոչ միայն քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ, այլ եւ հաւատացեալներ ունին այս փորձութիւնը։ Երկարօրէն կը դիտենք Տէրը, եւ սակայն կը մոռնանք տեսնել Տիրոջ կարիքները՝ թէ ան անօթի է, ծարաւի է, բանտարկեալ է եւ կամ հիւանդանոցի մէջ կը գտնուի։ Այսպէս՝ Տէրը կը դնենք լուսանցքի վրայ։
Երբ կը համոզուինք թէ առանձնաշնորհեալ ենք, կը մոռնանք առաջին սէրը. այն սէրը՝ որ ընդունեցանք, երբ Տէրը մեզ կանչեց, երբ մեզ փրկեց։
Բոլորս ալ ունինք կոչուած ըլլալու շնորհքը. ուրեմն խնդրենք Տիրոջմէ, որ տայ մեզի շնորհքը՝ երբեք եւ երբեք չհեռանալ եկեղեցիէն, երբեք մուտք չգործել աշակերտներու սեղմ շրջանակին մէջ, ուր իրենք զիրենք առանձնաշնորհեալ կը նկատեն, եւ սակայն կը հեռանան Աստուծոյ Եկեղեցիէն. մինչ եկեղեցին կը տառապի, կը փնտռէ փրկութիւն, կը փնտռէ հաւատք եւ Աստուծոյ Խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.